2015-03-02 12:36:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2 մարտի քարոզը` ''Քրիստոնեայի մը իմաստութիւնն է չի դատել ուրիշները այլ՝ ամբաստանել ինքզինքը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հեշտ է ուրիշները դատել, բայց՝ քրիստոնէական ճանապարհի մէջ ընթանալու համար հարկ է ունենանք իմաստութիւնը՝ ամբաստանելու մեր անձը'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի , երկուշաբթի, 2 մարտի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
Ներշնչուելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումներէն, ուր՝ կը խօսուի Աստուծոյ ողորմութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուց, թէ բոլորս մեղաւորներ ենք, ոչ ընդհանուր տեսութեամբ այլ՝ իրականութեան մէջ, հաստատելով թէ քրիստոնէական առաքինութիւններու շարքին է նաեւ այն մօտեցումը՝ կարողութիւնը ունենալու մենք մեր անձը ամբաստանել։
Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ երկրորդ հանգրուանը կը կայանայ, Աստուծոյ առջեւ ամօթխած զգալու առաքինութեան մէջ. Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ գիտակցիլ մեր գործած մեղքին ամօթութեան, ապա նկատել Աստուծոյ՝ մեզի հանդէպ ունեցած ողորմութեան վեհութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին աւարտին, հայցեց Տիրոջմէն, Քառասնորդացի շրջանին, պարգեւէ մեզի շնորհքը՝ սորվելու եւ մենք մեզ ամբաստանելու, ինչպէս նաեւ շնորհքը ըսելու. ''Տէր գթա իմ վրաս, օգնէ ինծի որ ամչնամ եւ ողորմէ ինծի որպէսզի ես ալ իմ կարգիս ողորմած ըլլամ ուրիշներուն հանդէպ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.